2014-10-10 07:26:25

Քաղդէացիներու Սաքօ Պատրիարքը` ''Արմատախիլ ընել ժիհատիզմը''։


(Ռ.Վ. 10 հոկտեմբեր 2014) Հռոմի մէջ` 5 – 1 9 հոկտեմբեր 2014 կայացած, Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընթացքին, յայտարարուեցաւ թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կամքով, յառաջիկայ 20 հոկտեմբերին նախատեսուած Կարդինալական Ժողովի կեդրոնական նիւթ պիտի հանդիսանայ նաեւ Միջին Արեւելքը։
Խօսելով վերոյիշեալ ժողովի մասին, որուն կը մասնակցին նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքները, ի շառս որոնց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքը, Քաղդէացիներու Պատրիարք գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ ''Ովասիս'' թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, յայտնեց թէ այս ժողովէն կ՛ակնկալէ որ ի յայտ գայ Արեւելքի քրիստոնեաներուն ապրած ողբերգական ճշմարտութիւնը ու միասնական համագործակցութեամբ ի գործ դրուին ձեռնարկներ օգնութեան հասնելու բնակչութեան։
Մեզի համար մեծ առիթ է – ըսաւ Պատրիարքը – եւ նշան Եկեղեցւոյ պատասխանատուութեան հանդէպ անոնց որ կը տառապին։ Ոմանք կ՛ըսեն թէ այս պատերազմը պիտի տեւէ երեք տարի, ուրիշներ տասը....սակայն հարցը ան է թէ մօտ օրէն ձմեռը պիտի հասնի եւ պէտք է երիտասարդներուն ապահովեցնել դպրոցական տարեշրջանը, ու նեցուկ կանգնիլ գաղթական եւ անտուն ընտանիքներուն։ Կան 120 հազար Իրաքցի գաղթականներ որոնք թիրախ են Աստուծոյ անունով գործադրուած վայրագ բռնութեան մը, որուն ետին թաքնուած են տնտեսական շահեր։
Պատրիարքը ապա հաստատեց թէ տագնապին միակ լուծումը երկխօսութիւնն է եւ թէ երկինքէն իջած ռումբերը` թէեւ մէկ կողմէն ետ կը մղեն ՏԱՀԵՇ-ի խմբաւորումներու յառաջացումը միւս կողմէն սակայն կը կործանեն երկրին ենթակառոյցները եւ կը սպաննեն անմեղ քաղաքացիներ։ Ժիհատիստներու լուծին տակ գտնուող գիւղերը ազատագրելու միակ միջոցը ցամաքային գործողութիւն մըն է, տեղական կառավարութեան հետ համագործակցութեամբ, յայտնեց ապա Պատրիարքը ընդգծելով թէ բռնաբարներու հիւանդ գաղափարախօսութիւնը արմատախիլ ընելու համար, հարկ է ծրագրել երկարաժամկէտով ռազմավարութիւն մը։ Այդ գաղափարախօսութիւնը վտանգ մըն է համայն մարդկութեան, հաստատեց Քաղդէացիներու Պատրիարքը։ Ան ապա ակնարկելով կարդինալական վերոյիշեալ ժողովին յայտնեց թէ ժողովական հայրերը կարող են իրենց սատարը բերել` իրենց կոչերով եւ իրենց ապրած երկիրներու կառավարութիւններու վրայ ճնշում բանեցնելով, զանոնք մղելով անշարժ չմնալ եւ օգնութեան հասնիլ քրիստոնեաներուն։
Խօսելով տեղահանուած եւ գաղթականութեան ճամբան ընդգրկած ընտանիքներու եւ անհատներու մասին, Պատրիարք Սաքոն դիտել տուաւ թէ գաղթականութիւնը կրնայ լուծում մը հանդիսանալ շատերուն, սակայն հարկաւոր է մտածել նաեւ անոնց որ կարելիութիւն չունին եւ կամ կ՛ուզեն շարունակել ապրիլ իրենց հօրենական հողերուն վրայ։ Ան ապա մատնանշեց նոր դաստիարակութեան մը հարկաւորութեան որ միտքերէն արմատախիլ ընէ ժիհատիստական գաղափարախօսութիւնը եւ համակեցութեան ու եղբայրութեան նոր մտածողութիւն մը յառաջացնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.